2014-10-06 12:16:29

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին` Սուրբ Ընտանիքին նուիրուած աղօթքը։


Կիրակի, 29 դեկտեմբեր, Սուրբ Ընտանիքի տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին արտասանեց իրեն յօրինած Սուրբ Ընտանիքի նուիրուած աղօթք մը, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը դիմելով Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին, խնդրեց ''մեր ընտանիքները դարձնել հաղորդութեան եւ աղօթքի վերնատուներ, Աւետարանի իսկական դպրոցներ եւ ընտանի փոքր եկեղեցիներ''։

Ֆրանչիսկոս Պապին` ընտանիքին նուիրուած աղօթքը
Յիսուս, Մարիամ եւ Յովսէփ
Ձեր մէջ կը գտնենք ճշմարիտ սիրոյ վայելչութիւնը
Ու վստահութեամբ ձեզի կը դիմենք:
Նազարէթի Սուրբ Ընտանիք,
Մեր ընտանիքները նոյնպէս դարձուր
հաղորդութեան ու աղօթքի վերնատուներ,
Աւետարանի հարազատ դպրոցներ եւ ընտանեկան փոքրիկ եկեղեցիներ:
Նազարէթի Սուրբ Ընտանիք,
Թո´ղ ընտանիքները այլեւս երբե´ք
բռնութեան եւ բաժանումի փորձառութիւնը չունենան,
եւ անոնք որ վիրաւորուած եւ գայթակղուած են,
վերագտնեն մխիթարութիւնն ու ապաքինումը:
Նազարէթի Սուրբ Ընտանիք Թո´ղ յաջորդ սիւնհոդոսը
կարենայ բոլորին մէջ արթնցնել
ընտանիքի` սուրբ եւ անձեռնմխելի գիտակցութիւնը
եւ անոր գեղեցկութիւնը Աստուծոյ ծրագրին մէջ:
Յիսուս, Մարիամ եւ Յովսէփ լսեցէք եւ ընդունեցէք մեր խնդրանքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.